Երկուշաբթի 2 Յունիս 2014-ին, Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը թիրած դարձաւ հրթիռի
մը որ նիւթական ծանր վնասներ պատճառեց շէնքին եւ «Հաւատք» վարժարանին: Լրատուական
աղբիւրներու համաձայն վերջին օրերուն, հայկական «Նոր Գիւղ» թաղամասին մէջ իրավիճակը
վատթարացած է եւ հրթիռներ տեղացած են հայկական շրջաններուն վրայ որ պատճառած են վիրաւորներ
եւ նիւթական մեծ վնասներ: